expr:class='ampquot;loadingampquot; + data:blog.mobileClass'>

Sunday, 21 May 2017

Մայրերու Տօնին Նուիրուած Ճաշկերոյթ-Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին, կիրակի, 21 մայիսին կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու տօնին նուիրուած ճաշկերոյթ-ձեռնարկ:





Ձեռնարկը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով եւ Կիրակնօրեայի քայլերգի երգեցողութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Կիրակնօրեայի փոխտեսուչ Մանուէլ Թոքմաքճեան, որ անդրադարձաւ ընտանիքին մէջ մօր ունեցած կարեւոր դերակատարութեան` զայն անուանելով հիմնական սիւնը առողջ դաստիրակութեան եւ շեշտելով անոր կայուն դերը հայեցի դաստիարակութեան մէջ:
Այնուհետեւ օրուան հանդիսավար Բալիկ Սրապոնեան հրաւիրեց Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, որոնք դասարան առ դասարան ներկայացուցին երգեր, արտասանութիւններ եւ պարեր: Գեղարուեստական յայտագիրով իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ երգիչ Ժաք Մոմճեան:
Յայտագրի աւարտին Կիրակնօրեայ  դպրոցներու նոր վարիչ-տնօրէն Արտաւազդ աբղ. Շառոյեան խօսք առնելով` հաստատեց մօր մը ներկայութեան կարեւորութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ, շեշտելով, որ մայրն է մանուկին առաջին դաստիարակը եւ անոր առաջին օրինակը:


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Մեղրիկ եպս. Բարիքեան իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Կիրակնօրեայի կարեւորութեան` հաստատելով, որ անիկա կը հանդիսանայ կրթութեան գերագոյն կայանը եւ ճիշդ այն վայրն է, ուր ծնողներ յաճախ կ՛ուզեն ղրկել իրենց զաւակները, որպէսզի անոնք առողջ շրջապատ ունենան եւ հեռու մնան չար ընկերներէ: Ան խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` քաջալերեց եւ խրախուսեց անոնց ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատեց ուսուցիչներուն ծառայողական եւ նուիրական ոգին:




Saturday, 13 May 2017

Միշտ ուրախ եղէք Աստուծմով

Միշտ ուրախ եղէք Աստուծմով.
ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՆԵՐՈՒՆ (4.4-7)