Կիրակի, 28 Մայիս 2017-ին, Քառասնից Մանկանց Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտութիւնը եւ ուսուցչակազմը, այցելեցին ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն, ուր ներկայացուցին Մայրերու տօնին նուիրուած յատուկ յայտագիր մը, որ ստեղծեց ուրախ եւ ճոխ մթնոլորտ: Աւարտին տարեցները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին ջերմ խօսքերով եւ մաղթանքներով:




