Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ
Անուանակոչութեան նախատօնակին առթիւ,
Եկեղեցւոյ շրջապատին մէջ տեղադրուած էին
քանի մը կրպակներ, ինչպէս նաեւ
պատրասուած էր
գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը,
ուր հայկական պարով մը
ելոյթ ունեցաւ
Եկեղեցւոյս Կիրակնօրեայ վարժարանի
աշակերտներէն խոխւմբ մը:
Աւարտին, եկեղեցւոյ հովիւ Շնորհք քհնյ. Տէր Արթինեան
կատարեց աղի
օրհնութիւն:
Աւելի ուշ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ
թաղականութեան եւ
տիկնանց յանձնախումբին
միացեալ գործակցութեամբ կատարուած
մատաղի
պատրաստութեան աշխատանքին,
իրենց մասնակցութիւնը բերին Եկեղեցւոյս
Կիրակնօրեայ վարժարանի երեցները:


































