Հինգշաբթի` 8 եւ Ուրբաթ` 9 Փետրուար 2018-ին, տեղի ունեցաւ Քառասնից Մանկանց Կիրակնօրեայ վարժարանի՝ օգնականներու եւ երեց դասարանի աշակերտներու համար յատուկ կազմակերպուած երկօրեայ սեմինարը: Երկու օրերու ընթացքին կայացած սեմինարին, աշակերտները ստացան հոգեւոր սնունդ ՝ մասնակցելով Սուրբ եւ անմահ պատարագի, աղօթելով եւ սերտելով հատուածներ Աւետարանէն, ինչպէս նաեւ ծանօթացան Հայ Եկեղեցւոյ պատարագին եւ շարականներուն. Տէրունական աղօթքի մանրամասն բացատրութենէ ետք, հոգեւոր երգերով խանդավառ փառաբանեցին զԱստուած: Անոնք մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցան Տասնաբանեայ պատուիրաններու մասին պատրաստուած դասախօսութեան եւ լուսաբանական հարցումներ ուղղելով գաղեցին գիտելիքներու մեծ պաշար մը: Ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ համախմբուած՝ դիտեցին ''War Room'' քրիստոնէական Ֆիլմը:Սեմինարը իր աւարտին հասաւ խմբային աշխատանքով, ներշնչուած Անիրաւ թատաւորի առակէն:Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Լիբանանի թեմի առաջին հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանը որ հաստատուեցաւ 1930֊ին։
Monday, 5 March 2018
Սեմինար 2018
Հինգշաբթի` 8 եւ Ուրբաթ` 9 Փետրուար 2018-ին, տեղի ունեցաւ Քառասնից Մանկանց Կիրակնօրեայ վարժարանի՝ օգնականներու եւ երեց դասարանի աշակերտներու համար յատուկ կազմակերպուած երկօրեայ սեմինարը: Երկու օրերու ընթացքին կայացած սեմինարին, աշակերտները ստացան հոգեւոր սնունդ ՝ մասնակցելով Սուրբ եւ անմահ պատարագի, աղօթելով եւ սերտելով հատուածներ Աւետարանէն, ինչպէս նաեւ ծանօթացան Հայ Եկեղեցւոյ պատարագին եւ շարականներուն. Տէրունական աղօթքի մանրամասն բացատրութենէ ետք, հոգեւոր երգերով խանդավառ փառաբանեցին զԱստուած: Անոնք մեծ ուշադրութեամբ հետեւեցան Տասնաբանեայ պատուիրաններու մասին պատրաստուած դասախօսութեան եւ լուսաբանական հարցումներ ուղղելով գաղեցին գիտելիքներու մեծ պաշար մը: Ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ համախմբուած՝ դիտեցին ''War Room'' քրիստոնէական Ֆիլմը:Սեմինարը իր աւարտին հասաւ խմբային աշխատանքով, ներշնչուած Անիրաւ թատաւորի առակէն:
Subscribe to:
Post Comments (Atom)




















No comments:
Post a Comment