expr:class='ampquot;loadingampquot; + data:blog.mobileClass'>

Saturday, 16 March 2019

Անառակի Կիրակի


Արտաքսման Կիրակի


Ուսուցչաց Օր

Բարի սովորութեան համաձայն՝ այս տարի եւս ուսուցչաց տօնը նշեցինք Կիրակնօրեայէն ներս, նուէրներով, ծաղիկներով եւ զեղեցիկ անակնկալներով, ապա մթնոլորտը քաղրացուցինք համեղ կարկանդակով մը, որմէ ետք իրար շնորհաւորեցինք ժպտադէմ արտայայտութիւններով եւ բարեմաղթութիւններով:🌹

Tuesday, 12 March 2019

Զարգացման մրցում


Կիրակի, 10 Մարտ 2019-ին, մեր աշակերտներուն ինքնազարգացումը քաջալերելու առաջադրանքով, կազմակերպեցինք զարգացման մրցում մը, որ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց Կիրակնօրեայէն ներս:✍️👦

Monday, 11 March 2019

Ուսուցչաց Տօնը Burger King-ի մէջ


Այցելուներ





 Կիրակի, 10 Մարտ 2019-ին, մեզ այցելեցին Հոլլանտայէն՝ Նիքը եւ Շուէտէն՝ Պէան, մօտէն ծանօթանալու Պուրճ Համուտի հայութեան, հայկական հաստատութիւններուն եւ Եկեղեցիներուն եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ հիմնուած առաջին Կիրակնօրեայ Վարժարանին,ապա անոնք յուզուած դիտեցին մանուկները եւ արտայատեցին իրենց սրտին խօսքը ըսելով թէ շատ ազդուած են Հայկական պատարագի շարականներէն ինչպէս նաեւ փոքրիկներուն երգեցողութենէն եւ անոնց խանդավառ ընդունելութենէն: Աւարտին խմբանկար մը առնելով ճանապարհեցին այցելուները: