expr:class='ampquot;loadingampquot; + data:blog.mobileClass'>

Monday, 11 March 2019

Այցելուներ





 Կիրակի, 10 Մարտ 2019-ին, մեզ այցելեցին Հոլլանտայէն՝ Նիքը եւ Շուէտէն՝ Պէան, մօտէն ծանօթանալու Պուրճ Համուտի հայութեան, հայկական հաստատութիւններուն եւ Եկեղեցիներուն եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ հիմնուած առաջին Կիրակնօրեայ Վարժարանին,ապա անոնք յուզուած դիտեցին մանուկները եւ արտայատեցին իրենց սրտին խօսքը ըսելով թէ շատ ազդուած են Հայկական պատարագի շարականներէն ինչպէս նաեւ փոքրիկներուն երգեցողութենէն եւ անոնց խանդավառ ընդունելութենէն: Աւարտին խմբանկար մը առնելով ճանապարհեցին այցելուները:

No comments:

Post a Comment